ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէնութիւնն ու մասնագիտական անձնակազմը։ Հարկ է նշել, որ այս հիւանդանոցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացած խումբը գլխաւորեցին բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեան եւ հոգեւոր տեսուչ Տ. Յովհաննէս Աբեղայ Թորգոմեան։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը՝ առողջապահութեան ոլորտէն ներս ազգաշահ եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան համար։ Ան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ բոլորն ալ մասնագիտական կարողութիւններն ու հմտութիւնները կը ծառայեցնեն ի խնդիր բուժման կարիքով անձերու ապաքինման։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ եկեղեցին հոգեփրկչական իր առաքելութեան ճանապարհին մշտապէս կարեւորած է անձի ֆիզիքական առողջութիւնը՝ իբրեւ պայման աստուածաշնորհ կեանքը լիարժէքօրէն ապրելու եւ բարի գործերով առաւել արժեւորելու։ Անդրադառնալով «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ այս հիւանդանոցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ, իբր այդ, հաստատութիւնը կոչուած է առաւել մեծ պատասխանատուութեամբ ու նուիրումով իր անսակարկ ծառայութիւնը մատուցելու ազգի զաւակներուն։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը բժշկական անձնակազմին համար հայցեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ երախտաշատ առաքելութեան ճանապարհին։