ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ, ՍԻՆՈԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԻՆ, ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԵՐԷԿ ՅԻՇԵՑ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Վատիկանի մէջ այս օրերուն շատ կարեւոր ու պատմական իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Այսպէս, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին նախագահութեամբ գումարուած է Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մեծ Սինոդը, որ կը համախմբէ աշխարհի բոլոր կողմերէն կարտինալները եւ եպիսկոպոսներ։ Համաքրիստոնէական ընտանիքէն ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչներ ալ կը մասնակցին Սինոդին՝ ներառեալ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը՝ Ճասթին Ուէլպի եւ այլն։ Էքիւմենիք ներկայացուցիչներու շարքին է նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սինոդի աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ ամսավերջ։
Սինոդի ժողովներու սկիզբի փուլին համաքրիստոնէական ընտանիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Վատիկանի վրայ։ Ի դէպ, սա միջազգային օրակարգին վրայ ալ ուշադրութեան արժանացաւ։ Սինոդի մեկնարկը բնորոշած կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին էր շաբաթավերջին, Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած մեծ հաւաքը, որու մասնակիցներուն խօսք ուղղեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետը։ Այս փուլին Նորին Սրբութեան հետ կարճ զրոյց մըն ալ ունեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ Սրբազան Պապին աղօթակցութիւնը խնդրեց Արցախի տեղահանեալներուն համար։ Քահանայապետը պատասխանեց, որ սիրով պիտի ընդառաջէր։
Ի շարունակութիւն, երէկ, Սինոդի բացման փուլին զուգադիպած առաջին կիրակնօրեայ պատգամին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը անդրադարձաւ վերջին ողբերգական իրադարձութիւններուն։ Ըստ Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի հաղորդումներուն, Քահանայապետը մտահոգութիւն յայտնեց Արցախէն տեղահանուածներուն համար ու շեշտեց, որ անոնք իր մտքին եւ աղօթքներուն մէջ են։ Սրբազան Պապը վերյիշեց նաեւ Ստեփանակերտի մօտակայքին՝ վառելանիւթի պահեստի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով զոհուածները։
«Այս օրերուն կը հետեւիմ Արցախի գաղթականներու ողբերգական իրավիճակին, նորոգելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան իմ կոչս ու մաղթելով, որ կողմերու միջեւ բանակցութիւնները, միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ, նպաստեն մնայուն համաձայնութեան մը, որ վերջ պիտի դնէ մարդասիրական տագնապին», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց, որ կ՚աղօթէ նաեւ Ստեփանակերտի մերձակայքի պայթումի՝ 170 զոհերուն համար։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025