ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՂԲԱՏԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, երէկ այցելեց Հայաստանի Գուգարաց թեմը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Վանաձոր ուղեւորուեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի եւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի, որ այս օրերուն իրեն հետ է՝ իբրեւ գաւազանակիր։

Վանաձորի մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ։ Ան այցելեց թեմի նախկին առաջնորդ երջանկայիշատակ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի շիրիմը, որու վրայ հանգստեան աղօթք կատարուեցաւ։

Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեց թեմի Ծիծեռնակ ճամբարը, ուր տեղեկութիւններ տուաւ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։

Վանաձորէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղղուեցաւ դէպի Հաղբատի պատմական վանքը, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Երեկոյեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024