ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Անթիլիասի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներու հաւաքը, նաեւ գումարուեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցան այս երկու հաւաքոյթները։

Վանքաբնակ միաբաններու հետ տեղի ունեցած հաւաքի ժամանակ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միաբանական կեանքի վերաբերեալ երեւոյթներու։ Ան կանգ առաւ նաեւ համայն հայութեան օրակարգի առկայ հրատապ հարցերու վրայ։

Կրօնական ժողովի լիագումար նիստի ընթացքին ալ քննարկուեցան Անթիլիասի դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններուն, ծիսագիտական բարեկարգութեան, Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի փոխադրութեան, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին, քահանայիս պատրաստութեան վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ ընդգրկուած նիւթերուն շուրջ ներկայացուեցան մանրամասն զեկուցումներ։

Այս օրերուն Անթիլիասի մէջ նախատեսուած է նաեւ Քաղաքական ժողովի նիստ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021