ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս այս օրերուն՝ Ս. Անդրէասի յիշատակութեան տօնի շրջանին, արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէ։ Ամէն տարի այս առաքեալի տօնին զուգահեռ կը նշուի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան հաստատման տարեդարձը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս տարի զուգահեռաբար այս տօնին կը նշուի նաեւ Սինոդի կողմէ 1921 թուականին ընդունուած շրջաբերականին եւ հրապարակուած համապատասխան կոնդակին 100-ամեայ յոբելեանը։

Երէկ առաւօտ, Ֆէնէրի Պատրիարքարանի համալիրէն ներս, Ս. Գէորգ Աթոռանիստ տաճարէն ներս այս բոլորի շարժառիթով Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որու ընթացքին իրեն առընթերակայ էին 12 մետրապոլիտներ։ Նորին Սրբութիւնը արարողութեան ընթացքին կատարեց նաեւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։

Պատրիարքական Աթոռին անունով այս արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր, ինչպէս նաեւ Վատիկանէն այս առթիւ յատկապէս ժամանած պատուիրակութիւն մը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան յարակից Պատրիարքարանին մէջ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021