ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս նախընթաց օր հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնը։ Ս. Գէորգ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Հարկ է նշել, որ Ս. Անդրէաս առաքեալի յիշատակութեան օրը կը նշուի Յունաց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին տօնակատարութիւններուն մասնակցեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ յունաց պատրիարքին յղեց շնորհաւութիւններ։

Ս. Պատարագէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023