ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան։ Իր կեցութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի կամարին առջեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ողջագուրուեցան եղբայրաբար։ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջին ներքեւ, միաբաններու թափօրով անոնք առաջնորդուեցան Սուրբ Յովհաննէս-Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանը, ուր կատարուեցաւ միասնական աղօթք։

Արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը բարիգալստեան խօսքով ողջունեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Իր կարգին, Կիլիկեան Աթոռի գահակալն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այս այցելութեան շարժառիթին կապակցութեամբ։ Հայաստանեան զանազան կայքէջեր արձագանգ կը հանդիսանան մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն մէջ Հայաստանի կրնայ վիճակիլ փաստացի նոր կարգավիճակ մը, որ գործնականօրէն կ՚ենթադրէ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն։ Թէեւ գերտէրութիւնները այդքան ալ հաշտ աչքով չեն դիտարկեր այս վարկածը, սակայն տարածքաշրջանէ ներս հայերու գոյութիւնը եւ քրիստոնեաները հովանաւորելու խնդիրը ինքնաբերաբար գործօնի կը վերածեն Հայաստանը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019