ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Մեծ Պահքի առաջին օրն է:

Օրուան Աստուածաշնչական ընթերցումը Եսայիի մարգարէութեան 1-ին գլուխին 16-20 համարներն են, ուր կը կարդանք.

«“Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք. բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւայրիին դատը պաշտպանեցէք”:

“Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան: Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, երկրին բարիքը պիտի ուտէք, բայց եթէ զիս մերժելով ապստամբիք, սուրը պիտի ուտէ ձեզ”: Վասնզի Տիրոջ բերանը խօսեցաւ ասիկա»:

Մեծ Պահքի առաջին օրուան ընթերցուած այս համարները մարտահրաւէր մըն են ուղղուած իւրաքանչիւր պահեցողի՝ ամբողջ պահեցողութեան ընթացքին համար:

Ամենակալ Աստուած Եսայի Մարգարէին միջոցով կը թելադրէ լուացուիլ, մաքրուիլ ու չար գործերէն ու չարութիւն գործելէն հեռանալ ու դադրիլ. այսօրուան մեր կեանքը եթէ նայինք, արդարեւ, ապա այսպէս կամ այնպէս մեզմէ իւրաքանչիւրը որոշակի բաներու մէջ թերութիւններ ունի, եւ այդ թերութիւնները շատ յաճախ չարութեամբ կը փորձէ լուծել: Աստուած կը զգուշացնէ մեզ սակայն՝ թելադրելով հեռու մնալ չար գործերէն ու չարութիւն գործելէն՝ լուացուելով ու մաքրուելով:

Բաւարար չէ՛ սակայն միայն այսքանը, այլ լուացուելէ ու մաքրուելէ եւ չարութենէն հեռու մնալէ բացի, մարդ պէտք՝ բարութիւն ընել սորվի, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ընէ, որբին դատաստանը տեսնէ ու որբեւարիին դատը պաշտպանէ. այս բոլորը ո՛չ թէ պարտականութիւններ են տրուած մարդուն, այլ՝ պարտաւորութիւններ են, որ իւրաքանչիւր մարդ պարտի զգուշութեամբ գործադրել իր կեանքի ընթացքին, որպէսզի շահի Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու գութը:

Ապա Տէրը կը հրաւիրէ Իր ձեռագործները վիճաբանելու, որ եթէ նոյնիսկ անոնք մեղքի մէջ մխրճուած ըլլան, սակայն երբ որոշում կայացնեն ապաշխարելու ու հրաժարելու մեղքէն, ապա մեր մեղքերը՝ ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան: Կարեւորը, մարդուն սիրտի ուղղութիւնն է, միտքին կայացուցած որոշումն է եւ կամքին պատրաստակամութիւնն է՝ յօժարելու ու հնազանդելու Տիրոջ, որով երկրի բարիքը պիտի ուտենք, սակայն եթէ յամառինք ու շարունակենք մխրճուած մնալ մեր մեղքերուն մէջ, ու զԱստուած մերժելով ապստամբինք, սուրը պիտի ուտէ մեզ, ինչպէս կ՚ըսէ Տէրը:

Հետեւաբար, Մեծ Պահքի ճանապարհորդութեան սկզբնաւորութեան, մեր միտքերը, սիրտերը ու հոգիները լուանք ու մաքրուինք, եւ լուացուած ու մաքրուած կերպով սկսինք այս ճանապարհորդութեան, մեր միտքին մէջ միշտ ունենալով, որ մենք որպէս մարդիկ կոչուած ենք մեր նմանները սիրելու, յարգելու եւ օգտակար ըլլալու անոնց, յատկապէս անիրաւուածներուն, զրկուածներուն, որբերուն եւ որբեւայրիներուն: Միւս կողմէ, հնազադութեան ոգին հագնինք եւ այս ամբողջ ընթացքը Աստուծոյ ամենազօրութեան դիմաց խոնարհինք, խնդրելով Անոր ողորմածութիւնն ու գութը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2023