ՎԵՀԱՓԱՌԸ ՖԻՆԼԱՆՏԻՈՅ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վար­ջին մեկ­նե­ցաւ Ֆին­լան­տիա։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ քա­ռօ­րեայ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը։ Ֆին­լան­տիոյ Ա­ւե­տա­րա­կան-Լու­տե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Վե­րա­պա­տուե­լի Կե­րի Մըք­Քի­նէ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի եւ Ֆին­լան­տիոյ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ Լէօ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի հա­մա­տեղ հրա­ւէ­րով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Նո­րին Սրբու­թեան կ՚ու­ղեկ­ցին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր-կրթա­կան բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան, Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան, Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի եւ Սկան­տի­նա­ւեան եր­կիր­նե­րու հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ Տ. Տի­րան Վրդ. Պետ­րո­սեան, Գէո­րգեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեան եւ գա­ւա­զա­նա­կիր Տ. Ա­ղան Ա­բե­ղայ Ե­րն­ջա­կեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017