ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, շաբաթավերջին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թանգարաններուն յատկացուած դրամաշնորհի համաձայնագրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը։ Այս դրամաշնորհային ծրագրով ձեռք պիտի բերուին անհրաժեշտ սարքաւորումներ եւ նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) միջոցաւ։ Ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեցին Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Մասանորի Ֆուքուշիմա, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, դեսպանատան եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակի աշխատակիցներ։

Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ռուբէն Սեւակի թանգարանի երդիքին տակ ընդունուեցան հիւրերը։ Հաւաքոյթը գլխաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւններն ու ողջոյնները։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան նշեց, որ 2014 թուականէն ի վեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալուի Ճաբոնէ ժամանած վերականգնողներուն հետ։ Պարբերաբար կը կազմակերպուին սեմինարներ, որոնց ընթացքին ճաբոնական կողմը բարի ցանկութեամբ որոշած է աջակցիլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու վերականգնման բաժնին։ Այս հարցը արծարծուած է Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման մը ժամանակ, երբ տարիներ առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էր Ճաբոնէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Այդ օրէն ի վեր թանգարաններու տնօրէնութիւնը սկսած է աշխատիլ Ճաբոնի դեսպանատան հետ՝ դրամաշնորհի յայտը ներկայացնելու առընչութեամբ։ 

Հանդիսութեան ընթացքին դեսպան Մասանորի Ֆուքուշիմա նշեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս անգնահատելի է, իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններուն մէջ ի պահ դրուած մշակութային ժառանգութիւնը՝ անգին։ Իր կարգին, Վազգէն Եագուպեանն ալ յայտնեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքը հայ ազգի համար շատ կարեւոր է եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վերականգնողական կեդրոնը նոր սարքաւորումներով համալրուելէ յետոյ լաւագոյնս պիտի ներկայանայ աշխարհին՝ իր պատմական, մշակութային ժառանգութեամբ։ Ճաբոնն ու Հայաստանը ունին հարուստ հնագոյն մշակոյթ եւ մեծ սէր՝ իրենց ազգային ժառանգութեան նկատմամբ։ Ներկայ նախագծին միջոցաւ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդուի։ 

Հարկ է նշել, որ 2012 թուականէն ի վեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները սկսած են գործուածքի ֆոնտի հինաւուրց առարկաներու վերանորոգութիւններուն։ Հայ վերականգնող մասնագէտներու աշխատանքները բարձր գնահատանքի արժանացած են Ռուսաստանի Պետական Էրմիթաժին, Ճաբոնի Սակայի համալսարանին եւ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի համապատասխան բաժիններու վարպետ վերականգնողներուն կողմէ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023