ԱՐԴԻ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը անդրադարձան հայրենական եւ ազգային կեանքի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղեալ Հայ Եկեղեցւոյ եւ զանազան ազգային հաստատութիւններու կողմէ ձեռնարկուած կրթական, ընկերային եւ զարգացման բնոյթով ծրագրերուն։ Անոնք կանգ առին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ համագործակցութեան վրայ, որ արդիւնաւորուած է բազում ազգօգուտ եւ եկեղեցաշէն ծրագրերով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը Պերճ Սեդրակեանին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց բարեմաղթանքներ՝ բարձրօրէն գնահատելով ՀԲԸՄ-ի կողմէ դրսեւորուած ոգին ու գիտակցութիւնը, նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն նկատմամբ ցուցաբերուած շարունակական զօրակցութիւնը։

Հայութեան առջեւ ծառացած արդի խնդիրներուն դէմ յանդիման Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը յատկապէս կարեւորեցին երիտասարդ սերունդի կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան պահպանութեան եւ ազգային ոգիի զօրացման ուղղեալ ծրագրերու խթանումը։

Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի վերաբերեալ մտահոգիչ իրադարձութիւններուն, Արցախի ազատ ու անկախ կեանքին դէմ ոտնձգութիւններուն եւ արցախցիներու կեանքի առկայ դժուարութիւններուն։ Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը համազգային հետեւողական ջանքերու իրագործման՝ ի նպաստ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խնդիրներու յաղթահարման։

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը արծարծեցին շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին սփիւռքի համայնքային կեանքին, ձեւաւորման փուլի նոր համայնքներուն, հայապահպանման խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան ազգային եւ հոգեւոր պատշաճ խնամատարութեան եւ սփիւռքի ազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու զօրացման կարեւորութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք կարեւոր նկատեցին սփիւռքի ներուժի գնահատումը եւ համակարգուած ծառայեցումը աշխարհասփիւռ համայնքներու ազգային կեանքի աշխուժացման եւ հայրենական կեանքի յառաջընթացի բարօրութեան։ Քննարկուեցան այն հաւանական ուղիները, որոնցմով եկեղեցին եւ ՀԲԸՄ կրնան սփիւռքը, մանաւանդ՝ երիտասարդութիւնը ներգրաւել հայրենիքի հզօրացման ուղղեալ ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

Հարկ է նշել, որ Պերճ Սեդրակեան եւ կողակիցը՝ Վերա Սեդրակեան Երեւանի մէջ կեցութեան օրերուն մասնակցեցան Ս. Զատկի առթիւ մատուցուած հայրապետական Ս. Պատարագին։ Մեռելոցի օրը Ս. Գայիանէ վանքին մէջ անոնք մասնակցեցան հոգեհանգստեան արարողութեան, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ նաեւ լուսահոգի Գառնիկ Եագուպեան։ Պերճ Սեդրակեան եւ Վեհափառ Հայրապետը այցելեցին նաեւ Եագուպեաններու ընտանեկան դամբարանը։

Պերճ Սեդրակեան Երեւանի կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։ Ան այց մըն ալ տուաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, որ կը գործէ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։ Սեդրակեան տեսակցեցաւ համալսարանի նախագահ Քերըլ Մարքիտեսի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ան շեշտեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դերը՝ երկրի միւս համալսարաններուն հետ միաւորուելու եւ ազգաշինութեան տեսակէտէ նպաստաւոր աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2022