ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիան։ Այս առթիւ Տէ Ֆարիա Նորին Սրբութեան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Ան տեղեկացուց, որ այս կազմակեր պութիւնը մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնէ աւելի քան 125 երկիրներէ ներս եւ կը միաւորէ աւելի քան 150 հաւատքահէն եւ եկեղեցապատկան կառոյցներ կամ եկեղեցիներ։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ դաշինքը բացի աղէտներուն արագ արձագանգելէ, շահերու պաշտպանութեան եւ զարգացման ծրագրերէ, զանազան ոլորտներէ ներս օգնութիւններ կը ցուցաբերէ հակամարտութեան մէջ ներքաշուած եւ բնական աղէտներէ տուժած երկիրներուն՝ ի մասնաւորի նաեւ բռնութեան ենթարկուած քրիստոնեաներուն։ Այս առումով Տէ Ֆարիա ընդգծեց, որ դաշինքը սերտօրէն կը համագործակցի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան՝ ՄԱԿ-ի եւ զանազան երկիրներու եւ տարածքաշրջաններու մէջ դաշինքի անդամ կազմակերպութիւններուն հետ։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ գոհունակութիւն յայտնեց այս դաշինքին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան «Կլոր սեղան» բարեգործական միջեկեղեցական հիմնադրամին միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան կապակցութեամբ։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Կլոր սեղան» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ գործադիր տնօրէն Տքթ. Կարէն Նազարեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019