ՈՒՂՂԱՓԱՌՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ գագաթաժողովը յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած է Գերմանիոյ մէջ։ Համաշխարհային գագաթաժողովի ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են ամբողջ թափով։ Միութեան 11-րդ գագաթաժողովը նախատեսուած է՝ «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կը տանի դէպի միութիւն եւ համաձայնութիւն» անուանումին ներքեւ։

Կիպրոսի մէջ վերջերս էքիւմենիք ժողով մը տեղի ունեցաւ՝ այս գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Բարձր մակարդակի վրայ կազմակերպուած քննարկում մըն էր այս մէկը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ։ Նորին Սրբազնութեան առընթեր ժողովներուն մասնակցեցաւ նաեւ Տիանա Ծաղիկեան՝ որպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ։ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին խորհրդածութիւններ ըրաւ աշխարհի վրայ առկայ հակամարտութիւններու եւ ընկերային մարտահրաւէրներու շուրջ։ Ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ դիմագրաւուած հարցերուն վրայ։ Փարալիմնիի մէջ, Յունական Կիպրոս, կազմակերպուած էր ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարը։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գագաթաժողովը կը կազմակերպուի եօթ տարին անգամ մը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այդ գագաթաժողովներէն առաջ կը կազմակերպուի ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յատուկ համագումար մը, որու շնորհիւ գագաթաժողովի օրակարգի նիւթերուն շուրջ ուղղափառ եկեղեցիներու տեսակէտը կը պարզուի։ Կիպրոսի խորհրդակցութիւններուն ներկայ գտնուեցան թէ՛ Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եւ թէ ուղղափառ քաղկեդոնական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, որոնք միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմեն իրենց եկեղեցիներու համաժողովի պատուիրակութեան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ալ այս խորհրդակցութեան մասնակցեցան Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022