ՀԱՌԻՃԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ, Հառիճի վանքէն ներս գործող Թրբանճեան ընծայարանի հիմնանորոգուած մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ընծայարանը վերանորոգուած է ու կը գործէ Լոս Անճելըսէն՝ Ճերալտ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու ազնիւ բարերարութեամբ։
Հառիճի ընծայարանէն ներս նախ բացուեցաւ յուշատախտակ մը, որմէ վերջ վանքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք։ Արարողութեան աւարտին վանքի շրջափակէն ներս գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Վերանորոգեալ մասնաշէնքէն ներս ալ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգը։
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ Թրփանճան ամոլի աջակցութեամբ տարիներ առաջ հնարաւոր դարձաւ իրագործել վանական համալիրէն ներս կրթական կեանքը վերականգնելու ծրագիրը։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ ընծայարանի կրթական գործունէութեամբ հինաւուրց վանական համալիրը վերստին կը ծաղկի ու կը պայծառանայ, ինչ որ զարկ կու տայ նաեւ վանական կեանքին։ Ան ներկաներուն տեղեկացուց, որ ընդարձակ ծրագրի յաջորդ փուլին պիտի աւարտի վանքի նորոգութիւնը, պիտի բարեկարգուի տարածքը, միեւնոյն ժամանակ ընծայարանին համար պիտի կառուցուի կացարանի նոր շէնք մը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ աշակերտութեան թիւը ընդարձակելու։