Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՄԱՍՏՐԻԽՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ այցելեց Հոլանտայի Մաստրիխտ քաղաքը։ Տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ան տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ մատոյց տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հոլանտայէն եւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն բազմաթիւ հաւատացեալներ փութացած էին Մաստրիխտ, ուր հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ նշեցին տաղաւարը։
Օրուան պատգամին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի կատարեալ սրբութեան եւ հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն կողմէ անոր նկատմամբ յարգանքի ու սիրոյ վառ արտայայտութիւններուն։ Ան Տիրամօր օրինակով կարեւորեց նաեւ իգական սեռի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
Ս. Պատարագի աւարտին, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ, խաղողի օրհնութեան կարգ ալ տեղի ունեցաւ։ Այս փուլին բոլորի բարձր տրամադրութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024