ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանահայ գործարարներու միութեան անդամները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Այս միութեան նախագահն է Մուրատ Աքեիւզ։ Գերմանահայ գործարարներուն ուղեկցեցան Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան։ Հանդիպման ընթացքին թեմակալ առաջնորդ հայր սուրբը Նորին Սրբութեան ներկայացուց միութեան անդամները եւ անոնց բարեսիրական գործունէութիւնը, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

Իր հերթին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց այս միութեան աշխոյժ մասնակցութիւնն ու ներդրումը գերմանահայ համայնքի ազգային-հոգեւոր կեանքի զօրացման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց այս միութեան կողմէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին ցուցաբերուող զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակական աջակցութիւնը Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէին։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ միութեան նախագահին եւ անդամներուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ընկերային եւ կրթական բարեգործական ծրագրերուն համար։

Գերմանահայ գործարարները Վեհափառ Հայրապետին հանգամանօրէն ներկայացուցին իրենց ծրագրերը եւ հաւաստիացուցին, թէ մշտապէս պիտի մնան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին։ Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու պահպանութիւնը՝ իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան իրականացման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018