ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, աւելի քան երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որ առիթ հանդիսացաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի վերաբերեալ շարք մը այժմէական խըն-դիրները լայնօրէն քննարկելու համար։ Այս ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ այն դժուարութիւններուն, որոնք ներկայիս Լիբանանի հայութեան կողմէ կը դիմագրաւուի։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու առկայ մարտահրաւէրներուն եւ սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականին վրայ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021