ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Խոր անհանգստութեամբ տեղեկացանք, որ Ատրպէյճան «հակաահաբեկչական գործողութեան» իրականացման կեղծ պատճառաբանութիւններով ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսած է Արցախի դէմ, հրետակոծութիւններու ենթարկելով խաղաղ բնակավայրերը, թիրախաւորելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։ Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի հերթական թշնամական այս գործողութիւնը եւ կոչ կ՚ուղղենք միջազգային բոլոր կառոյցներուն՝ զսպել Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ համարժէքօրէն արձագանգել անոր ցեղասպան գործողութիւններուն։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023