ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՃԱՇ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ նորոգ հանգուցեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերէն վերջ Գումգաբուի մէջ սարքուեցաւ հոգեճաշ մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ սարքուեցաւ սեղանը, որու սկիզբին հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ հոգելոյս հայր սուրբը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հոգեճաշին մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռի միաբանները, հոգելոյս հայր սուրբի եղբայրները, իր հիւանդութեան շրջանին իրեն օժանդակած անմիջական անձեր, իր սպասարկած Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետն ու համանուն դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանէն ներս անոր ծառայակից եղած հոգեւոր հայրեր։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ արտայայտուեցաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատանքով ընդգծեց անոր մատուցած ծառայութիւնը։ Հաւաքոյթի տեւողութեան միւս սեղանակիցներն ալ մի առ մի արտայայտուեցան։ Բարձրաստիճան եկեղեցականներէ սկսեալ, բոլոր սեղանակիցները ջերմ խօսքերով անդրադարձան հոգելոյս հայր սուրբի գործունէութեան։

Հարկ է նշել, որ այսօր Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ լուսահոգի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կիրակնամուտը, որմէ վերջ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ հոգեճաշ մըն ալ նախատեսուած է իր յիշատակին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021