Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՄԵՆՀԵԹԹԸՆԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին վաղահաս նշուեցաւ նաեւ Ս. Ստեփանոսի յիշատակութեան տօնը։ Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ ներկայ հաւատացեալները համախմբուեցան յարակից սրահին մէջ, ուր սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին փոխանակուեցան տօնական շրջանին առթիւ բարեմաղթանքներ։ Հայր սուրբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց բոլորին հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022