ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան երանաշնորհ Տ.Տ. Յակոբ Ջուղայեցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արք. Քաքմաճեան։ Հարկ է նշել, որ այս վերջնոյն անուանակոչութեան զուգադիպեցան արարողութիւնները, որոնց հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները առաջնորդեց Թադէոս Քարափեքմէզ։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան դիպուկ արտայայտութիւններով հաւատացեալներուն յիշեցուց, որ 31 յունիս 1969-ին ընտրուելէ վերջ հոգելոյս Իգնատիոս Պատրիարքը միայն 12 օր ապրած էր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023