ՎԵՐԱԲԱՆԱՁԵՒԵԼ ՊԱՏԳԱՄԸ

Երեւանի «www.progressarmenia.com» կայքէջը վերջին օրերուն հարցազրոյց մը ըրած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Այսպէս, Կարինէ Սարգսեանի հարցումներուն Նորին Սրբազնութիւնը պատասխանած է հեռավար դրութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յայտարարութիւնները։

*

-Ինչպէ՞ս էր նախորդ տարին հայ համայնքին համար։ Եթէ կան ձեռքբերումներ, որո՞նք են։ Ի՞նչ սպասումներ ունիք 2022 թուականէն։

-Անցեալ տարին, ինչպէս նախորդը, ցաւօք սրտի, բնորոշուեցաւ համավարակով։ Ամբողջ աշխարհի վրայ կեանքը կաթուածահար դարձած է։ Պարագան տարբեր չէ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս շրջանին դժուար թէ իրատես ըլլայ ձեռքբերումներ ակնկալելը։ Մեր համայնքը ունեցաւ իրերայաջորդ կորուստներ, նոյնիսկ վարակուելէ վերջ բուժուածներու պարագային ցնցումը այնքան մեծ կ՚ըլլայ, որ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն կը գործէ թէ՛ բարոյահոգեբանական եւ թէ նիւթական տեսակէտէ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութիւնն ալ նուազագոյն մակարդակի վրայ է շուրջ երկու տարիէ ի վեր։

Այս համայնապատկերին վրայ, կը կրկնեմ՝ դժուար թէ կարելի ըլլայ խօսիլ ձեռքբերումի մը մասին։ Բոլոր շարժումները, առհասարակ, կը վերաբերին ընկերային աջակցութեան եւ զօրակցութեան տրամադրութիւններու խրախուսման։ Սա անշուշտ մէկ կողմէ գնահատելի է, իսկ միւս կողմէ ալ, իր բնոյթով, այնպիսի գործ մըն է, որ արդիւնքը երբեք հարիւր տոկոս գոհացուցիչ չ՚ըլլար։ Ծով կարիքներ կան, անակնկալ վիճակներ կը յառաջանան։ Հետեւաբար, բոլորս նախ եւ առաջ Աստուծոյ ապաւինութեամբ կ՚ընթանանք։

Այս բոլորէն վերջ, 2022 թուականի պարագային մեր հիմնական սպասելիքները կը վերաբերին խաղաղութեան եւ առողջութեան։ Կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած մարդկութիւնը եւ մեր ժողովուրդը չզրկէ այդ շնորհներէն։

-Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ֆոնին ինչպէ՞ս կը տեսնէք երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան սկիզբը։

-Հայ եւ թուրք ժողովուրդները այս աշխարհագրութեան մէջ ունին երկար համակեցութիւն։ Դարերէ ի վեր անոնք կ՚ապրին կողք կողքի։ Եղած են շրջաններ, երբ անոնց միասնականութիւնը համակեցութեան տեսակէտէ օրինակելի եղած է, եղած են նաեւ շրջաններ, երբ պատկերը ճիշդ հակառակը պարզած է։ Ժողովուրդներու տրամադրութիւնը, անշուշտ, միշտ դրական է։ Բայց, պատմութեան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդներու դրական ու բարեացակամ տրամադրութիւնը բաւարար չէ աշխարհը կամ անոնց ապրած միջավայրը վարդաստանի վերածելու։ Պետական գործօնը միշտ առանցքային է եւ կը պայմանաւորէ ժողովուրդներու ընթացքը։

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման որոնումներն ալ 30 տարուան րոնք բարի ցանկութիւններով, եղբայրութեան ձգտումով կ՚առաջնորդուին, միշտ ակնկալած են՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ցաւօք սրտի, պետական հարթութեան վրայ այդ պահու հասունացումը միշտ յապաղած է։ Այժմու նոր փորձն ալ, անշուշտ, դրական ու ողջունելի է՝ որքան որ ալ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ծանր իրավիճակէն վերջ սկիզբ առած ըլլայ։ Մեր մաղթանքն է, որ այս անգամ այլեւս բաւարար քաղաքական կամքը ցուցաբերուի եւ բեկումնային պահը գայ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ։

-Հոգեւորականութեան առումով փոխադարձ ի՞նչ ընելիքներ կը տեսնէք հայ-թրքական բարեկամութեան առումով։

-Քրիստոսի եկեղեցւոյ առանցքային պատգամը եղած է սէրն ու խաղաղութիւնը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դարերէ ի վեր այդ ուղղութեան հետեւած է անշեղօրէն։ Ան հայոց համազգային ժառանգութեան, ինքնուրոյն դիմագիծը բնորոշած ազգային արժէքներու շտեմարանն է։ Հայ Եկեղեցին իր աշխարհացրիւ հօտի երթն ու զարգացումը միշտ խաղաղութեան մէջ պատկերացուցած է ժամանակներու ընթացքին։ Այսօր ալ այդպէս է։ Հայ հոգեւորականը միշտ եղած է խաղաղութեան պատգամի կրողը։ Հայ Եկեղեցին այսօր յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ հետամուտ է հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման։ Մեր եկեղեցականները կը գիտակցին, որ այդ նպատակին կարելի է հասնիլ փոխըմբռնման եւ փոխադարձ յարգանքի, լարուածութենէ զերծ մթնոլորտի մէջ։

-Ինչո՞վ կը պայմանաւորէք այն փաստը, որ հասարակութեան մեծ մասը կարծես հեռացած է Աստուծմէ։

-Համաշխարհայնացումը ունի հակասութիւններ։ Մէկ կողմէ համահարթեցման մտածելակերպ մը կը խորանայ, իսկ միւս կողմէ տեղայնացումը զարգացնելու փորձեր կ՚ըլլան։ Հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները առիթ կ՚ընձեռեն, որ տարբեր հաւաքականութիւններ աւելի անմիջականօրէն հաղորդ դառնան իրարու արժեհամակարգին եւ կենցաղին։ Սա փոխադարձ ճանաչման տեսակէտէ շատ ողջունելի է, սակայն, ինքնուրոյն դիմագիծը, նկարագիրը պահպանելու մարտահրաւէր մը կը յառաջացնէ։ Հայոց նման փոքր ժողովուրդներու պարագային սա կարեւոր խնդիր մըն է՝ մանաւանդ, որ մեր ժողովուրդի ստուար մէկ զանգուածը սփիւռքացած պայմաններու ներքեւ կ՚ապրի։

Նիւթապաշտ, ժամանակաւոր արժէքներու հետամուտ ընթացքները, դժբախտաբար, անհատներն ու հաւաքանակութիւնները կը հեռացնեն Աստուծմէ, հաւատքէ եւ բարոյական արժէքներէ։ Հայոց պարագային սա խնդիրները կը բազմապատկէ։ Որովհետեւ հայու Աստուծմէ հեռացումը կը նշանակէ Հայ Եկեղեցիէ հեռացում։ Իսկ Հայ Եկեղեցիէ հեռանալու, կտրուելու պարագային հայը դժուար թէ կարողանայ գոյատեւել սեփական դիմագիծով, ազգային նկարագիրով ու դժուար թէ կարողանայ սնուիլ այն արժէքներէն, որոնք հայը հայ կը դարձնեն։ Այս կէտին վրայ, անշուշտ, պէտք է ընդունիլ, որ լուծումը նոյնպէս բազմապատկուած ջանքեր կը պահանջէ։ Մէկ կողմէ հայ մարդը պէտք է կամք ցուցաբերէ հաւատարիմ մնալու համար իր ինքնութեան եւ մեր հայրերու լոյս հաւատքին, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեր ուղղութեան փարոսը եղած է։ Միւս կողմէ ալ մեր Եկեղեցին նոր ժամանակներու ոգիին եւ նոր մարտահրաւէրներուն համահունչ ձեւով պէտք է վերափոխէ իր առաքելութիւնը, պէտք է համապատասխան ձեւով վերաբանաձեւէ իր պատգամը, որպէսզի կարողանայ ձգողականութիւնը բարձրացնել յաչս իր հօտին։

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022