ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Աւագ դատախազ Իրակլի Շոթածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան։ Հանդիպման սկիզբին Արթուր Դաւթեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց երկու երկիրներու դատախազութիւններուն միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ ողջոյնի խօսքին մէջ գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ վերջին տասնամեակներուն երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը առաւել կը խորանայ եւ կ՚ընդլայնուի՝ համահունչ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքին։ Իրակլի Շոթածէ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ նման այցելութիւնները կը նպաստեն երկու երկիրներու պետական կառոյցներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման։ Շոթածէն ալ Նորին Սրբութեան փոխանցեց Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի ողջոյնները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022