ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Էօրնեքեան» հանրակրթական դպրոցի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէն 4 աշակերտներ։ Հարկ է նշել, որ այս դպրոցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքեւ։ Աշակերտներուն հետ էին դպրոցի տնօրէնուհի Սուսաննա Վարդանեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։

Հարկ է նշել, որ այս դպրոցէն ներս վերջերս տեղի ունեցած էր ձեռնարկ մը՝ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Ընտանիքի տարուան» շրջանակներէն ներս։

Աշակերտներուն հետ զրուցելու ժամանակ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ դարերու ընթացքին հայու համար ընտանիքը ընկալուած է որպէս փոքրիկ դրախտ եւ սրբութիւն, պատմութեան ընթացքին այդ հաստատուն հիմքի շնորհիւ կերտուած են յաղթանակները, արձանագրուած ձեռքբերումները զանազան ոլորտներու մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2019