ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱՐՔԱՏԻԻ ՎԱՆՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հովուական այցելութիւն մը կու տայ Կրետէ կղզի, այս ծիրէն ներս ան երէկ այցելեց Արքատիի յունաց վանքը: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Կրետէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Անոնք վանքի մուտքին դիմաւորուեցան Ռեթիմնոյի Տ. Փրոտրոմոս մետրապոլիտին եւ վանական միաբաններու կողմէ:

Այսպէս, կատարուեցաւ ուխտի աղօթք: Բարի գալստեան խօսքէ ետք, միաբաններէն մէկը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ու ընկերակիցներուն տեղեկութիւններ տուաւ վանքին մասին: Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ վանքին թանգարանը: Աւելի վերջ ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, որմէ ետք վանքի սեղանատան մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ ի պատիւ հոգեւորականաց դասուն:

Ճաշէն ետք Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները վերադարձան պանդոկ։

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2024