UCLA-Ի ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ԱՅՑԸ
UCLA-ի վերատեսուչ, կենսաբան, ակադեմիկոս Ճին Պլոկ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Ան երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ամերիկեան այս հեղինակաւոր համալսարանի վերատեսուչին կ՚ուղեկցէր UCLA-ի «Տէյվիտ Կեֆըն» բժշկական քոլէճի համաղեկավար Տքթ. Էրիք Էսրայիլեան։
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հիւրերուն այցելութիւնը, որու նպատակն է UCLA-ի եւ Հայաստանի համալսարաններուն միջեւ նոր գործակցութիւն մը ձեւաւորել։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ UCLA-ի կողմէ այս ուղղութեամբ արդէն իսկ գործադրուած ջանքերուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի կայացման ուղղութեամբ կարեւոր ներդրման վրայ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ կրթական ասպարէզի մէջ երիտասարդութեան համար նոր հնարաւորութիւններու ընձեռումը կրնայ լուրջ հիմք մը դառնալ արտագաղթի նուազեցման համար։
Իր հերթին, Պլոկ նշեց, որ առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան եւ իր ծանօթութիւնը հայ ժողովուրդի հետ մինչ այդ եղած է ամերիկահայ համայնքի միջոցաւ։ Վերատեսուչը անդրադարձաւ ապագայ գործադրութեան ծրագրերուն։
Գիտնականները երէկ հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։