ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան պիտի ընկերանան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հինգշաբթի ուշ երեկոյեան պիտի ճամբորդէ դէպի Երեւան եւ իր ուղեւորութենէն առաջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ճանապարհի աղօթք։
Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադարձին ալ Գումգաբուի մէջ պիտի դիմաւորուի «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ՝ քանի իր հետ Պոլիս բերած պիտի ըլլայ նաեւ նոր օրհնուելիք Սրբալոյս Միւռոնը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024