ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետեւողականօրէն կարեւորութիւն կ՚ընծայէ հոգեւորականներու գիտելիքներու կատարելագործման եւ համապատասխան վերապատրաստման դասընթացքներու կազմակերպման նկատմամբ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ հանդիպում մը ունեցաւ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից եկեղեցականներու հետ։ Այդ եկեղեցականները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն։

Դասընթացքներու պատասխանատու Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան հանդիպման սկիզբին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հոգեւոր հայրերը, ապա ամփոփելով տարին՝ տեղեկացուց, որ ներկայ տարեմուտէն ի վեր վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցած է 161 հոգեւորական։ Անդրադառնալով վերապատրաստման դասընթացքներու օգտակարութեան՝ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան խօսեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ կազմակերպուած նման հանդիպումներու կարեւորութեան շուրջ։ Այդպիսի տեսակցութիւնները հնարաւորութիւն կու տան եկեղեցւոյ սպասաւորներուն՝ Հայոց Հովուապետի հետ քննարկելու իրենց հովուական կեանքին վերաբերեալ զանազան խնդիրներ եւ մարտահրաւէրներ։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց սոյն դասընթացքներու կազմակերպումը՝ նշելով, որ անոնք առիթ կու տան հովիւներուն առանձնանալու եւ մտորելու իրենց հոգեւոր առաքելութեան արդիւնաւորման մասին, ինչպէս նաեւ հարստանալու նոր գիտելիքներով եւ իրարու փորձառութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ թեմերէ ներս ծառայող հոգեւորականներու հետ հանդիպումները եւ հաւատացեալները յուզող զանազան հարցերու շուրջ քննարկումները մեծապէս կը նպաստեն ապագայի տեսլականի իրականացման, եկեղեցւոյ յետագայ գործունէութեան նախանշման գործընթացին։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հոգեւորականներուն մաղթեց ուժ, կարողութիւն եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը իրենց հոգեւոր առաքելութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ հոգեւոր հովիւներու հարցումներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018