ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստինէ Վայկանտը։ Հանդիպման ընթացքին Վայկանտ Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց նախադպրոցական եւ դպրոցական տարիքի, խոցելի խումբերէ երեխաներու պաշտպանութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ հանրակրթութեան ոլորտի բարեփոխումներու ուղղութեամբ գրասենեակին կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերուն վերաբերեալ։ Այսպէս, UNICEF-ի Հայաստանի գրասենեակին ներկայացուցիչը այս բոլորի շրջանակներէն ներս կարեւորեց եկեղեցւոյ աջակցութիւնը։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Քրիստինէ Վայկանտը եւ ընդգծեց, որ վերոյիշեալ ոլորտներէ ներս Եկեղեցին եւս հետեւողականօրէն կ՚իրականացնէ իր առաքելութիւնը՝ նպաստելով երեխաներու խնամքի, կրթութեան, դաստիարակութեան եւ խոցելի խումբերու ընկերային խնդիրներու յաղթահարման գործին։ Ան այս առթիւ նշեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ կը գործեն Հայորդեաց տուները, կիրակնօրեայ դպրոցներ, երեխաներու խնամքի կեդրոններ, երիտասարդական կառոյցներ, որոնք կ՚իրականացնեն հոգեխնամ, կրթադաստիարակչական առաքելութիւն։

Յիշեալ ոլորտներէն ներս երեխաներու հետ ձեռնարկուած ծրագրերու արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նկատեց Եկեղեցւոյ եւ UNICEF-ի Հայաստանի գրասենեակին միջեւ սերտ համագործակցութիւնը։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Պրէտ-Եան Ռուիսէն։ Այս վերջինը Հոլանտայէն պատգամաւոր ընտրուած է։

Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Արցախի շրջափակման եւ անոր ծանր հետեւանքներով ստեղծուած աղիտալի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն վերաբերեալ հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց միջազգային հանրութեան յստակ ու հետեւողական քայլերու գործադրումը՝ Ատրպէյճանի բռնութիւններու կանխման եւ Արցախի հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023