ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հռոմի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի նախագահութիւններու (OCE) եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եւրոպայի եպիսկոպոսական քոնֆէրանսներու (CCEE) համատեղ ժողովը։ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու կողքին էին Գերմանիոյ մէջ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Անպա Տամիան եւ Իտալիոյ մէջ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անպա Պառնապա եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Հոլանտայի մէջ Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ արքեպիսկոպոսը եւ Սալցպուրկի համալսարանի Ասորի Ուղղափառ աստուածաբան տքթ. Ահօ Շեմունքաշօ։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան ալ մաս կազմեցին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Ժողովի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Եւրոպայէ ներս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ կրթութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հովուական առաքելութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան շուրջ։ Ժողովականները անդրադարձ կատարեցին համապատասխան եկեղեցիներէ ներս արդի իրավիճակին՝ մասնաւորապէս Կաթոլիկ եկեղեցիէ ներս Սինոդի գործընթացին, ինչպէս նաեւ արտագաղթի կամ համարկման հարցերուն Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պարագային։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024