ԱՄՆ-ԷՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՀՈԼԸՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները ուշադրութեամբ կը հետեւին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կացութեան։ Այսպէս, շաբաթավերջին, ԱՄՆ-ի ծերակոյտէն Քրիս վան Հոլըն տեսակցեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ։ Ծերակուտական Հոլըն լսեց Երուսաղէմի քրիստոնէական համայնքներու առկայ խնդիրները։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ այս տեսակցութեան մասնակցեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024