ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած շաբաթօրեայ դպրոցները ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պետական արտօնագիր։ «Փոքրիկ հրեշտակներ» անուանեալ եւ 16 միօրեայ դպրոցէ բաղկացեալ ցանցի մը մասին է խօսքը։ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի դպրոցներու եւ քոլէճներու միութեան (WASC) կողմէ տրուած է սոյն արտօնագիրը։ «Փոքրիկ հրեշտակներ»ու հոգեւոր տեսուչն է Յովհաննէս Սրկ. Քումրուեան։

Արեւմտեան թեմի միօրեայ վարժարաններուն մէջ շուրջ 1500 աշակերտ ուսում կը ստանայ։ Յառաջիկայ շրջանին անոնք պիտի ունենան՝ պետութեան կողմէ ճանչցուած աւարտական վկայականներ, ինչ որ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ անոնց։

ԱՄՆ-ի կանոններով՝ առանց այդ հաւաստագիրը ունենալու երկրին մէջ որեւէ կրթական հաստատութիւն չի կրնար գործունէութիւն ծաւալել՝ ըլլայ ամերիկեան, հայկական եւ այլն։ Ուստի, Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարանները այսպէսով կը դառնան գերմրցունակ՝ իրենց ջամբած ազգային, հոգեւոր ու մշակութային գիտելիքներով, նաեւ արդէն պետական կարգավիճակով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024