ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՆԱՐԵԿ ԵՊՍԿ. ՇԱՔԱՐԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Կիւմրիի մէջ երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ վերջ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեան։ 85-ամեայ սրբազանը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու աւագ անդամներէն մին էր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը խորապէս կը սգան բազմավաստակ սրբազանի վախճանումը։ Այսօր Կիւմրիի Եօթվէրք Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ նորոգ հանգուցեալ սրբազանի վերջին հրաժեշտը։ Վաղը առաւօտ յընթացս Ս. Պատարագի տեղի պիտի ունենայ վախճանեալ Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը, ապա իր մարմինը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատան մէջ։

Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեան, աւազանի անունով Արշաւիր, 1932 թուականին ծնած էր Դամասկոսի մէջ։ Իր ընտանիքին հետ 1946-ին ներգաղթած էր Խորհրդային Հայաստան ու հաստատուած՝ Կիւմրի, այդ ժամանակուան անունով Լենինական։ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանը մուտք գործելէ վերջ, 1960-ին սարկաւագ ձեռնադրուած էր՝ ձեռամբ Տ. Հայկազուն Արք. Աբրահամեանի։ Բարձրագոյն ուսումը միջոց մը շարունակած էր Մոսկուայի մէջ։ Դարձեալ Տ. Հայկազուն Արք. Աբրահամեանի ձեռամբ 1962-ին ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ։ Մայր Աթոռէ ներս վարած էր շարք մը պատասխանատու պաշտօններ։ 1963 թուականին ըս-տացած էր մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ 1968 թուականին, Ազգային-եկեղեցական ժողովի ընթացքին ընտրուած էր Մայր Աթոռի վերստուգիչ յանձնաժողովի անդամ եւ այդ պարտականութիւնը վարած էր մինչեւ 1990 թուականը։ Ընթացքին եղած էր Ս. Գեղարդի վանքի վանահայր։

Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ 1971 թուականին նշանակուած էր Շիրակի Թեմի առաջնորդական տեղապահ։ Երկու տարի վերջ նշանակուած էր Շիրակի Թեմի առաջնորդ՝ միեւնոյն ժամանակ վարելով Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի առաջնորդի պաշտօնը։ 1973 թուականին Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ ձեռնադրուած էր եպիսկոպոս ու մինչեւ 1990 պաշտօնավարած էր որպէս Շիրակի Թեմի առաջնորդ։ 1988-1990 թուականներուն երկրաշարժի աղէտին յաջորդած ծանր օրերուն ղեկավարած էր թեմի քաղաքներու եւ գիւղերու վերականգնման անյետաձգելի աշխատանքները, մասնակցելով նաեւ կարեւոր վերաշինութիւններու։

1991-2003 թուականներուն ծառայած էր Ֆրանսայի մէջ՝ Փարիզի եւ շրջակայքին։ Մինչեւ 2008-ը վարած էր Նիսի եւ շրջակայքի հոգեւոր տեսչութիւնը։

Հանգստեան կոչուելով՝ Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեան վերադարձած էր Հայաստան ու վերջին տարիներուն իր օգտակար ծառայութիւնը կը բերէր Շիրակի Թեմէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017