ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Պէշիկթաշի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ անցեալ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններով։ Թաղի համանուն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։ Թէ՛ զանազան թաղերէ ուխտաւորներ եւ թէ նախկին թաղեցիներ հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով հետեւեցան տաղաւարի Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Օննիկ Ֆեստեքեանի։
Խաղողօրհնէքի ընթացքին օրհուած ողկոյզները տօնակատարութիւններու աւարտին բաժնուեցան հաւատացեալներուն։ Ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը շատ ջերմ վերաբերմունքով շնորհաւորեց տաղաւարի արարողութիւններու բոլոր մասնակիցները։ Այսպէսով Պէշիկթաշի ընտանիքը հերթական անգամ ամրապնդուեցաւ՝ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024