«ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵԼՈՒ ԱՆԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐԱՆՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ»

Հայաստանի անկախութեան 32-րդ տարեդարձին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Գայիանէ վանքի երդիքին տակ։ Հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալները այս առթիւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովուրդի խաղաղ, ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար։ Վեհափառ Հայրապետը խորանին վրայ ծնրադիր աղօթեց վասն անսասանութեան հայոց պետականութեան։

Նորին Սրբութիւնը օրուան պատգամին մէջ շեշտեց, որ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման 32-րդ տարեդարձը կը դիմաւորուի մեծ տագնապներու ու անհանգստութիւններու եւ նոր կորուստներու ցաւին մէջ։ «Մեր միտքերը ուղղուած են հայրենի Արցախ աշխարհին, ուր տեւական ահաբեկումներէ, բռնաճնշումներէ եւ աւելի քան ինն ամիսներու ամբողջական շրջափակումէ յետոյ Ատրպէյճան ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսաւ՝ շարունակելով ցեղասպան իր քաղաքականութիւնը արիւնալի ոճրագործութիւններով։ Մեր ժողովուրդը Արցախի մէջ այսօր կանգնած է գոյաբանական սոսկալի սպառնալիքներու առջեւ։ Քաղաքակիրթ աշխարհի հայեացքին ներքեւ մեր ժողովուրդը վերստին կը ճաշակէ ցեղասպանութեան դառնութիւնը։ Ազատ ու անկախ կեանքի եւ ազգային պատկանելիութեան համար հայը դարձեալ կը վճարէ իր կեանքով ու իր արեամբ։ Մենք կը հրաժարինք հաւատալ, թէ 21-րդ դարու աշխարհին մէջ կը շարունակէ գործել ուժի իրաւունքը, կը հրաժարինք հաւատալ, թէ աշխարհի առաջնորդները չեն կրնար միջոցներ գտնել կանխելու համար եղեռնագործութիւնը Արցախի մէջ։ Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային կառոյցներուն, բարեկամ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ անյետաձգելի եւ առաւել ազդու միջոցներ գործադրել Ատրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւնները կասեցնելու համար։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր երկրի իշխանութիւններուն, ազգային կառոյցներուն, քաղաքական, հասարակական գործիչներուն՝ ամէն ջանք ներդնել Արցախի հայութիւնը նոր պատուհասներէ փրկելու համար։ Ազգային մեր կեանքէն ներս երկպառակտումը, կործանարար անտարբերութիւնը, քաղաքական ներհակութիւնները, հասարակական բեւեռացման պատճառով համախմբուելու անկարողութիւնը նորանոր հարուածներ պիտի հասցնեն մեր ազգին եւ հայրենի պետականութեան։ Մեզի պէտք է միաբանութիւն՝ փորձութիւնները յաղթահարելու եւ վեր յառնելու համար, անդաւաճան հայրենանուիրում՝ պետութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հզօրանալու համար, պատասխանատուութիւն ու բարձր գիտակցութիւն՝ համազգային ու պետական մեր շահերու պաշտպանութեան եւ նուիրական իղձերու իրականացման համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը ի շարունակութիւն խօսք ուղղեց նաեւ Արցախի հայութեան եւ ըսաւ. «Արցախի հաւատաւոր սիրելի զաւակներ, հայրական մեր օրհնութիւնն ու աղօթքը կը բերենք ձեզի եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի իշխանութիւններուն։ Ծանր պատասխանատուութեան առջեւ կանգնած էք եւ, ցաւօք, միայնակ կը կրէք ձեր տառապանաց խաչը։ Մեր ցաւն ու վիշտը ընդհանուր է, մեր կորուստներու եւ հայրենի երկրին հասցուած դաժան հարուածներու դառնութիւնն ու տխրութիւնը ամէնքիս սրտերու մէջ են։ Վճռական այս պահուն թող Աստուած ապաւէն ըլլայ, մխիթարէ ու գօտեպնդէ ձեզ՝ դիմակայելու նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն։ Տիրոջ ողորմութեամբ ձեր եւ ձեր զաւակներու կեանքի ընթացքը ըլլայ անվտանգ ու ապահով։ Այս ծանր իրավիճակին մէջ, մեր պատմութեան փոթորկայոյզ ժամանակները յաղթահարած մեր նախնեաց օրինակով յոյսով եւ հաւատով զինուինք ու զօրանանք՝ ըստ Սաղմոսերգուի խօսքին. «Եթէ նոյնիսկ անցնիմ մահուան ստուերներու մէջով, չեմ վախնար չարիքէն, քանզի դու, Տէր, ինձ հետ ես» (Սաղմ. 22.5)»։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2023