ՆԻՈՒՎԵԽԱՅՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ
Հոլանտայի Նիուվեխայն քաղաքի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի մը օրհնութեան ու օծման կարգը՝ հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, որու կողքին էին Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեան եւ Մաստրիխտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աստուածատուր Քհնյ. Սարգսեան։
Այս նոր յուշարձան-խաչքարի հեղինակն է Արտակ Համբարձումեան։ Խաչքարը զետեղուած է՝ բարերարութեամբ Արմէն Աւանէսովի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիակով, Նիուվեխայնի քաղաքապետ Մարայկէ ֆան Պէուքերինկ եւ այլ հիւրեր։
Խաչքարի օծման արարողութեան յաջորդած կիրակիին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պատարագեց Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը արարողութեան ընթացքին դպրութեան չորս աստիճաններ, ուրար կրելու արտօնութիւն կամ կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց՝ թիւով 21 պատանիներու եւ երիտասարդներու, որոնք կը սպասարկեն այս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յանձնեց նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնը, որով կատարուեցաւ ջրօրհնէք։
Եկեղեցական
- 11/27/2024