ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՖԻՆԼԱՆՏԻԱՅԷՆ
Դէպի Ֆինլանտիա կատարած միջեկեղեցական այցելութեան ծիրէն ներս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ Քարելիայի եւ Համայն Ֆինլանտիոյ Արքեպիսկոպոս, Ֆինլանտիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Լէոյի հետ։ Քուոփիոյ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ անոնց եղբայրական հանդիպումը։ Տեղւոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնը եւ յարակից թանգարանը այցելելէ վերջ երկու եկեղեցիներու պետերը համատեղ աղօթքի մը մասնակցեցան Նոր Վալաան վանական համալիրէն ներս։ Լէօ Արքեպիսկոպոսը այս առթիւ շեշտեց Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելական հնագոյն ծագումն ու բերած աւանդը ընդհանրական քրիստոնէական ընտանիքէն ներս։ Ան կարեւորեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ֆինլանտիոյ Ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններու հեռանկարներն ու զարգացումը, այդ բոլորին համատեղ ջանքերով կերտուիլը։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ մասնաւորապէս ըսաւ. «Փորձութիւններով ու նահատակութիւններով լեցուն իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին Հայ Եկեղեցին մշտապէս իրագործած է քրիստոնէական միութեան եւ եղբայրսիրութեան պատգամը։ Մենք բոլորս, իբրեւ քրիստոնեաներ կոչուած ենք մէկ յոյսի, որն է Քրիստոսի բերած փրկութիւնը եւ միայն այս միասնական յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ մէջ կրնանք զգալ իրարու ցաւն ու խնդիրները, միայն այս կերպով կրնանք յարատեւել Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած յաղթական յարութեան մէջ։ Մեր օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոթորկուող կրօնական անհանդուրժողականութիւնն ու հակամարտութիւնները մեզ՝ բոլորս կանգնեցուցած են մարդասիրական աղէտի եւ հասարակական բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ։ Այսօրուան իրողութիւնները կը պահանջեն աշխարհի բոլոր կրօններու ու հաւատացելոց ջանքերու եւ աղօթքներու համատեղումը, միասնական մօտեցում՝ առկայ զինեալ բախումները, կրօնական քօղով ահաբեկչութիւններն ու հակամարտութիւնները եւ անոնցմէ ծնունդ առած ընկերատնտեսական եւ հասարակական աղէտները կանխարգիլելու համար»։
Իր խօսքին տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին պատմութեան ընթացքին մշտապէս իր առաքելութեան կարեւորագոյն մասը համարած է ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան, փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման հաստատման ուղղեալ գործընթացներուն մասնակցութիւնը։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առաջին օրէն սկսեալ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին եւ Հայոց Հայրապետին միջեւ սկզբնաւորուած երկխօսութեան եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործադրուած ջանքերուն։ «Դժբախտաբար, Ատրպէյճան չի թաքցներ խնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու իր ցանկութիւնը եւ փաստն է 2016 թուականի Ապրիլին իր կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սանձազերծուած գործողութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ մաղթեց, որ ամբողջ աշխարհի վրայ շուտով հաստատուի խաղաղութիւն, չըլլան սգաւոր այրիներ, որբացած զաւակներ եւ որդեկորոյս մայրեր՝ որպէսզի բոլորը ապրին ապահով, խաղաղ եւ երջանիկ կեանքով։
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ Եոհենսու քաղաքը, ուր Արեւելեան Ֆինլանտիոյ համալսարանի Ուղղափառ Աստուածաբանութեան դպրոցէն ներս հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը։ Այս առթիւ ան ըստ էութեան կեդրոնացաւ իսլամական աշխարհի հետ հայ ժողովուրդի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ խաղաղ համակեցութեան եւ երկխօսութեան օրինակներուն, նաեւ պատմական փորձառութեան։
Վեհափառ Հայրապետը արդէն աւարտած է դէպի Ֆինլանտիա իր ուղեւորութիւնը եւ Մոսկուայի վրայով իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։