ՏՔԹ. ԶՕՐԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն տքթ. Երուանդ Զօրեանը, որ Հայկական համացանցային համալսարանի եւ «Synopsis Armenia» ընկերութեան հիմնադիրն է։ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի հեղինակաւոր մասնագէտի հետ զրոյցի ժամանակ Նորին Սրբութեան կողքին էր Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ «Սփիւռքի տարի»ի ծրագրերու համակարգող յանձնախումբի անդամներէն է։

Ինչպէս ծանօթ է, 2022 թուականը Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ «Սփիւռքի տարի» հռչակուած էր եւ այս ծիրէն ներս կազմակերպուած առաջին առցանց խորհրդակցութեան մասնակցած էր նաեւ Երուանդ Զօրեան, որ Սիլիքոնեան հովիտէն ներս չիփերու ձեւաւորման բաժանմունքը կը գլխաւորէ՝ որպէս գլխաւոր ճարտարագէտ։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Երուանդ Զօրեան ներկայացուց տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտի նորարարութիւնները, թուային համակարգերու եւ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ համախմբումներ ձեւաւորելու նորագոյն եղանակները։ Ան ը նդգծեց, որ հայկական աշխարհէն ներս եւս անհրաժեշտ է կեանքի կոչել նման ծրագրեր։

Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց տքթ. Երուանդ Զօրեանին կողմէ տարուած աշխատանքները եւ ապահովուած նպաստը տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու առումով հայ իրականութենէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նոր աշխարհակարգին, առցանց տարածականութեան եւ հայկական աշխարհի զանազան բնագաւառներու մասնագիտական մարդուժը իրար կապելու հրամայականին մասին։ Ան շեշտեց նաեւ երիտասարդութեան դերը եւ անոր աշխոյժ ներկայութեան նշանակութիւնը թուային եւ համացանցային տարածքներէ ներս։ Ան արծարծեց այս բոլորի նպատակաուղղումը դէպի սփիւռքի վերակազմակերպում։

Երուանդ Զօրեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իբրեւ մասնագէտ նկատի առնուած է «Սփիւռքի տարի»ի ծրագրաւորման խորհրդակցութիւններու ու պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ներդրումը բերելու համար՝ տեղեկատուութեան մարզէն ներս ապագայ քննարկումներուն եւ աշխատանոցներուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022