ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սուրբ Երկրի նորանշանակ վիճակաւորը՝ Տ. Անթիմոս Ժաք Եագուպ Եպիսկոպոսը, որ պաշտօնը ստանձնելուն կապակցութեամբ քաղաքավարական այցելութեան փութացած էր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի «Կիւլպէնկեան» սրահի երդիքին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ասորի եպիսկոպոսն ու ընկերակիցները։ Ան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց իր հոգեւոր եղբօր՝ նոր առաքելութեան արդիւնաւորման ճանապարհին։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։

Միւս կողմէ, Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցաւ Ղպտի ուղղափառաց Սրբոց Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ պաշտամունքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուեցան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգչեան եւ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի տեսուչ Տ. Ասպետ Ծայրագոյն Վարդապետ Բալեան։

Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը, որու ընթացքին ներկաներուն փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւններն ու ողջոյնները։ «Եթէ որեւէ երկրի մէջ եկեղեցիները կը շատնան, ապա բանտերը կը պակսին։ Մարդոց միջեւ կը վերանայ չարութիւնը, կ՚աւելնայ սէրը, որովհետեւ եկեղեցիներու միջոցաւ մարդիկ կը մօտենան սիրոյ Վարդապետին», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը՝ շեշտելով եկեղեցիներու եւ անոնց եղբայրական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Պաշտամունքի բացման արարողութեան յաջորդեց պաշտօնական ընդունելութիւն մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023