ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան միջազգային հիմնադրամի նախագահ տքթ. Վալերի Ալեքսէյեւը։ Զրոյցի ընթացքին Ալեքսէյեւ ուրախութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին իր հերթական այցելութեան բերումով ու Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցեալ տարիներուն իր գլխաւորած հիմնադրամի արձանագրած ձեռքբերումները եւ ապագայի վերաբերեալ ծրագրերը։ Այս ամբողջին մէջ Վալերի Ալեքսէյեւ յայտնեց նաեւ, որ 2023 թուականը Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներէն ներս հռչակուած է ռուսաց լեզուի տարի։ Հիմնադրամն ալ մշակած է նախագծեր՝ մասնաւորապէս «Ռուս գրողները եւ ուղղափառութիւնը» 12 հատորէ բաղկացեալ մատենաշարի շնորհանդէս մը։

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը այս հիմնադրամի նախագահին փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յայտնեց բարեմաղթանքը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ալեքսէյեւի գլխաւորած կառոյցին գործունէութիւնը, որ ուղղուած է քրիստոնեայ ժողովուրդներու միջեւ հոգեւոր-մշակութային կապերու ընդլայնման ու զօրացման, հոգեւոր-բարոյական արժէքներու պաշտպանութեան ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու հոգեւոր, կրթական եւ ընկերային առաքելութեան սատարելու։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ ներկայացուած ծրագրերը, որոնք պիտի նպաստեն փոխադարձ ճանաչման եւ ժողովուրդներու միջեւ մշակութային կապերու սերտացման։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Վալերի Ալեքսէյեւ անդրադարձան աշխարհի երկիրներու եւ ժողովուրդներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, տարածաշրջանէն ներս առկայ անվտանգային սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023