ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ այս օ­րե­րուն կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ իր ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան շրջա­գա­յու­թիւ­նը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին ան այ­ցե­լեց Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա, ուր Ռիա­տի մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Սել­ման թա­գա­ւո­րին կող­մէ։ Իսկ ե­րէկ Տա­նըլտ Թրամփ ան­ցաւ Իս­րա­յէլ, որ իր ու­ղե­ւո­րու­թեան երկ­րորդ փու­լը կը հան­դի­սա­նար։ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Իս­րա­յէ­լի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ «Պեն Կո­րիոն» օ­դա­կա­յա­նին մէջ Թրամ­փի դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Սուրբ Երկ­րի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, նե­րա­ռեալ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան։ ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հը եւ Ա­մեն Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը ձեռ­նուե­ցան օ­դա­կա­յա­նին մէջ եւ Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւ­նը ող­ջու­նեց ա­մե­րի­կա­ցի ղե­կա­վա­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը Սուրբ Երկ­րի մէջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նոյն­պէս ե­րէկ, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Մե­լա­նիա Թրամփ այ­ցե­լե­ցին նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րը։ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան դի­ւա­նա­պետ Տ. Կո­րիւն Վրդ. Պաղ­տա­սա­րեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Սե­ւան Արք. Ղա­րի­պեան։ Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րին մէջ Տա­նըլտ եւ Մե­լա­նիա Թրամփ ունկնդ­րե­ցին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նի երգ­չա­խում­բին կա­տա­րում­նե­րուն։ Տա­ճա­րի հայ­կա­կան բաժ­նին մէջ լու­սա­րա­րա­պետ սրբա­զան հայ­րը ջեր­մօ­րէն դի­մա­ւո­րեց Թրամփ ա­մո­լը, որ ծա­նօ­թա­ցաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան՝ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017