ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց գանատահայ ուխտաւորներ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ ուխտաւորները կ՚այցելեն Հայաստան՝ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հանդիպման սկիզբին Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան նշեց, թէ գանատահայութիւնը եւ Հայոց Թեմը մշտապէս մասնակից են Հայաստանի ընկերային, հասարակական ու մշակութային կեանքին՝ սատարելով առկայ խնդիրներու յաղթահարման։ Յանուն ուխտաւորներուն Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը հայցելով՝ առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Մայր Աթոռը, հայրենիքը ոչ միայն խորհրդանշաններ են, այլեւ իսկական կեանքի իմաստ, որով կ՚ապրին մեր հաւատացեալները»։
Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը ու բարձր գնահատեց Սփիւռքի, մասնաւորապէս գանատահայութեան նուիրումն ու սէրը՝ Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ նման այցելութիւնները հոգեւոր վերելքի առիթ են հայորդիներուն համար, որոնք ազգային, հայրենասիրական եւ ոգեւոր իրենց զգացումները նորոգած կը վերադառնան ու նոր խանդավառութեամբ կը լծուին իրենց համայնքներու կեանքի յառաջընթացին։
Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրներուն անդրադառնալով ըսաւ. «Ապրած եւ դիմակայած ենք բոլոր դժուարութիւններուն՝ շնորհիւ մեր զօրեղ հաւատքի, հայրենիքի նկատմամբ մեր սիրոյ»։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մշտապէս կ՚աղօթէ Սփիւռքի իր զաւակներուն համար՝ հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնն ու զօրակցութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան իրենց հաւատարմութիւնը պահել՝ ազգային-հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ ու ապրին հայաշունչ կեանքով։ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց, որ գանատահայերը նոյն ոգիով դաստիարակեն իրենց զաւակները ու ջանքեր գործադրեն ամէն ձեւով իրենց օգտակարութիւնը բերելու համար։