ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Կրօնները ազգերու խաղաղ համագոյակցութեան երաշխիք» խորագրեալ համաժողովի բանախօսները։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի։ Այս համաժողովը կազմակերպուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Իրանի դեսպանատան կապերու եւ մշակոյթի կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց համաժողովի կազմակերպման առթիւ։ Ան ընդգծեց, որ նման համաժողովներն ու միջկրօնական երկխօսութեան առիթները կը նպաստեն ազգերու միջեւ խաղաղութեան հաստատման ու ամրապնդման միջավայրի ձեւաւորման։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան՝ տեղեկացնելով, որ տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ եւս ջանքեր կը ներդրուին հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ ազգերու միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022