ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի։ Թէեւ այցելութեան ծրագիրը աստիճանաբար կը մօտենայ իր աւարտին, սակայն, վառ պահերը չեն պակսիր։

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ անպաշտօն այցելութիւն մը տուաւ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը, ուր հիւրընկալուեցաւ տեղւոյն տեսուչին՝ Տ. Սամուէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Աղոյեանի կողմէ։

Յիսուս Քրիստոսի Լոյս գերեզմանը վերջերս վերանորոգուած էր, իսկ այժմ ձեռնարկուած է Ս. Յարութեան տաճարի սալայատակի նորոգութեան ու գետնի հնէաբանական ուսումնասիրութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ականատես եղաւ այս բոլորին եւ միեւնոյն ժամանակ առիթն ունեցաւ ծրագրի պատասխանատուներէն Օտամա Համտանէն տեղեկութիւններ քաղելու՝ համաքրիստոնէական ու համամարդկային այս սրբավայրէն ներս տարուած վիթխարի աշխատանքին շուրջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ս. Ծնունդի Ութօրէքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի պատարագէ Տէր Յիսուսի Լոյս գերեզմանին վրայ, ինչ որ պիտի բնորոշէ իր ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլը։

Կը նախատեսուի, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ուրբաթ վերադառնայ իր Աթոռը։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023