Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին պատարագեց եւ քարոզեց Նիւ Պրիթընի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կարապետ Քհնյ. Թելֆէեան։ Օրուան քարոզին մէջ պատարագիչ հայր սուրբը շեշտեց, որ թէեւ մարդկութիւնը միշտ ապրած է մեղասէր կեանքով, սակայն Աստուած չէ դադրած՝ իր իսկ ստեղծած մարդկութիւնը սիրելէ եւ միշտ կամք ցուցաբերած է՝ զայն սրբութեան եւ փրկութեան առաջնորդելու համար։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ընդգծեց, որ Աստուծոյ ցուցադրած սէրը պէտք է օրինակ դառնայ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ «Այսպէսով հաւաքականութիւնները կրնան զգալ սիրոյ շինարար ազդեցութիւնը», ըսաւ ան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին հայր սուրբը ջերմ զրոյց ունեցաւ բոլորին հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023