ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Հայոց Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակները։ 1915 թուականէն դար մը անց, 100-րդ տարելիցի մթնոլորտին մէջ այս պատմական արարողութիւնը բնորոշեց ոգեկոչումներու նոր հարթութիւն մը։ 2015-ի մթնոլորտին մէջ հայ ժողովուրդը արդէն իր նահատակ սուրբերուն բարեխօսութեան հայց ներկայացուց՝ խորապէս տպաւորիչ արարողութիւնով մը։ Ինչպէս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նշեց իր ե-րէկուան պատգամին մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ անմարմին զինուորներու յաղթական օրհներգութիւնը։ Երէկ յետմիջօրէին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգերը ղօղանջեցին՝ ազդարարելով պատմական իրադարձութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ գլխաւորուած ծանրաշուք թափօրը վեհարանէն սկսաւ ընթանալ դէպի Ս. Տրդատի բաց խորանը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս հաւաքուած ծովածաւալ բազմութիւնը ճեղքելով թափօրը յառաջացաւ շարականներու երգեցողութեամբ։ Երկու կաթողիկոսները կը քալէին ամպհովանիի ներքեւ, իսկ թափօրին մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը կրէին Հայ Եկեղեցւոյ բազմաթիւ սրբութիւնները եւ այդ սրբազան մասունքներուն առընթեր նաեւ՝ նահատակներու մասունքներ։
Երբ թափօրը բարձրացաւ Ս. Տրդատի բաց խորանը, արդէն սկսաւ Սրբադասման բուն արարողութիւնը։ Երկու կաթողիկոսները կանգնած էին Ս. Սեղանին ճիշդ առջեւը՝ հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ եւ իրենց շուրջ կային բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ բոլորը եպիսկոպոսական լրիւ հանդերձանքով։ Արարողութեան սկիզբին Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան ներկայացուց Սրբադասման վկայաբանութիւնը։ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութենէն վերջ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան ընթերցեց Եպիսկոպոսական ժողովին կողմէ ընդունուած համապատասխան հռչակագիրը։ Յաջորդեց «Էջմիածինն ի հօրէ» շարականի երգեցողութիւնը, որու ընթացքին արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ՝ ի նշան խաղաղութեան։ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի եւ Տ. Շահան Եպսկ. Սարգիսեանի կողմէ կատարուած Ս. Գրական ընթերցումներէ վերջ քաղուեցան սաղմոսներ եւ շարականներու երգեցողութեան զուգահեռ հասաւ սրբապատկերի օրհնութեան փուլը։ Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ ընթերցուեցան աղօթքներ եւ «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցաւ միւռոնաթափ աղաւնին։ Վաւերական սրբապատկերները սրբալոյս միւռոնով օծեցին երկու կաթողիկոսները, որոնք աւելի վերջ խնկարկեցին զանոնք։ Ապա խորանի վրայի եպիսկոպոսները երկրպագեցին սրբապատկերին։ Մինչ այդ, սուրբերուն ձօնուած շարականն ալ կը հնչէր խորհրդաւոր ձեւով։ Այդ շարականի հեղինակն է Կիլիկիոյ հանգուցեալ միաբաններէն Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւուրեան, իսկ յօրինումը կատարուած է Երուանդ Երկանեանի կողմէ։
«Պսակից սրբոց» սուրբերու բարեխօսութիւնը հայցող աղօթքը ընթերցուեցաւ երկու կաթողիկոսներուն կողմէ, որոնք դարձեալ շարունակեցին աղօթասացութիւնը։
Աւելի վերջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը տուաւ իր պատգամը, որ ներկայացուցած է յարակից սիւնակին մէջ։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին նշեց, թէ Եղեռնի նահատակները, որոնք սրբացած են այլեւս, կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւն մը կը համարուին։ «Անոնք մեզի հետ ապրեցան հարիւր տարի ու մեր կեանքին տուին ընթացք», ըսաւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը եւ աւելցուց, թէ իրենց սրբացնող ներկայութեամբ անոնք կը պայծառացնեն մեր եկեղեցին։
Այս պատգամներէն վերջ, ի պանծացումն սրբադասեալ նահատակներուն, դարձեալ հնչեց շարականը, երգուեցաւ նաեւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։
Այս խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ խաչակնքելով երկրպագեց վաւերական սրբանկարին առջեւ։ Իր գլխաւորութեամբ Հայաստանի պետական աւագանին ամբողջական կազմով հետեւեցաւ արարողութեան։ Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ի մասնաւորի Ասորի, Ղպտի եւ Հնդիկ Մալանկարայի դաւանակից եկեղեցիներու պետերը։ Սփիւռքէն բազմաթիւ գործիչներ ալ մասնակցեցան Սրբադասման արարողութեան, ներառեալ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։
Արդէն ժամը հասած էր 19.15-ին, երբ յայտարարուեցաւ լռութեան պահ եւ հարիւր անգամ ղօղանջեցին Մայր Տաճարի զանգերը։ Նոյն պահուն աշխարհի չորս ծագերու հայկական եկեղեցիներու եւ ցամաքամասերու գլխաւոր քաղաքներու մեծագոյն եկեղեցիներուն զանգերն ալ հնչեցին՝ սրբադասեալ նահատակներուն ի յարգանս։ Մայրավանքի համալիրէն ներս տեղադրուած մեծադիր պաստառներուն միջոցաւ բոլորը հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ հետեւելու այդ տպաւորիչ պահուն։
Արարողութեան աւարտին դարձեալ կազմուեցաւ ծանրաշուք թափօր մը եւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ աւարտին հասաւ՝ շուրջ հինգ դար վերջ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ վերահաստատուած Սրբադասման կարգի կատարումը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024