ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Լիւսի Վարպետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մարտահրաւէրները։ Լիւսի Վարպետեան տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած կազմակերպութեան նպատակն է զանազան միջազգային հարթակներու վրայ պաշտպանել հայ ժողովուրդի եւ արցախահայութեան իրաւունքներն ու շահերը, նաեւ հետամուտ ըլլալ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման։

Հանդիպման տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հայկական հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս միութեան եւ անոր անդամներուն կողմէ ծաւալուած գործունէութեան մասին։ Արդարեւ, անոնք ջանքեր կը ներդնեն հայ ժողովուրդի շահերը միջազգային գետնի վրայ պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս մատնանշեց 44-օրեայ պատերազմն ու անոր հետեւանքները, գերիներու վերադարձի խնդիրը, Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած հայատեաց քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հրամայականը, հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերը։ Այս բոլորի լուծման առումով Նորին Սրբութիւնը էապէս կարեւորեց միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022