ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայիս այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Նորին Սրբութիւնը կիրակի յետմիջօրէին ուղեւորուած է դէպի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Հայրապետական այցելութեամբ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ շարք մը բարերարներու հետ՝ քննարկելու համար անոնց հոգածութեամբ ձեռնարկուած ծրագիրները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ տեսակցելէ վերջ, Վեհափառ Հայրապետը վաղը պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Մինչ այդ, Մոսկուա ուղեւորուելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ ուսուցիչներ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Աշխարհի 15 երկիրներէ Հայաստան ժամանած 62 սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ զրուցեց Նորին Սրբութիւնը։ Այդ կրթական մշակները «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Ռուբէն Միրզախանեանի եւ դասախօսական անձնակազմի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ ներկայ ամրան շրջանին կը պատրաստուին միամսեայ վերապատրաստման դասընթացքներու։ Այդ կրթական մշակներու խումբի ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հանդիպման սկիզբին Ռուբէն Միրզախանեան հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը սփիւռքահայ ուսուցիչներուն համար։

Աւելի վերջ ուսուցիչներուն իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը՝ մեծապէս կարեւորելով համալսարանի եւ Հայաստանի պետական կառոյցներու կարեւորագոյն այս նախաձեռնութիւնը։ Ան գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ տարուէ տարի Հայաստան ժամանող սփիւռքահայ ուսուցիչներու թիւը կը բարձրանայ։

Բարձրօրէն գնահատելով սփիւռքահայ ուսուցիչներուն նախանձախնդրութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ մանկավարժները կարեւոր պատասխանատուութիւն կը կրեն այսօրուայ եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան այցելութիւնը եւ մասնակցութիւնը դասընթացքին նորանոր լիցքեր կը հաղորդէ անոնց՝ նոր ուժով եւ աւիւնով շարունակելու ուսուցչական իրենց բարդ ու դժուարին առաքելութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներուն՝ մասնաւորապէս խօսելով հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարականութեան, ինչպէս նաեւ մատաղ սերունդի մէջ աստուածսիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն սերմանելու կարեւորութեան մասին։ Մարտահրաւէրներու յաղթահարման կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց համագործակցութիւնը եկեղեցական կառոյցներու եւ ազգային կրթական հաստատութիւններու միջեւ։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն բացատրութիւն տուաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Մայր Աթոռի կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ քահանաներուն համար նախատեսուած վերապատրաստման դասընթացքներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ տարի կը նախատեսուի կազմակերպել վերապատրաստման դասընթացքներ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ուսուցիչներուն համար։

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ հիւրերու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին սփիւռքէ ներս գործող հայկական դպրոցներու եւ մայրենիի պահպանման խնդիրներուն։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը մանկավարժներուն մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պահպանութիւնը իրենց սրբազան առաքելութեան իրականացման ուղղութեամբ։

Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։

Վերջին օրերուն Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Անդրանիկ» սկաուտական ճամբարի 30 մասնակիցները, որոնք Հայաստան մեկնած են Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Վրաստանէն։

Մոսկուա մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներէն Քրիստոֆ Փլոսին, որուն կ՚ընկերանային «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 24, 2018