ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾՆՆԴԱՏՈՒՆԵՐ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց Էջմիածնի եւ Երեւանի ծննդատուները՝ իր հայրապետական օրհնութիւնները բերելով նորածիններուն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի տարեդարձին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետին ուղեկցեցաւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան։
Ծննդատուներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նորածիններու բաժինը եւ օրհնեց յոբելենական այս օրերուն ծնած մանուկները՝ աղօթելով անոնց առողջութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը, գնահատանքն ու առողջութեան մաղթանքները փոխանցեց նաեւ երիտասարդ մայրերուն։ Շնորհաւորելով բոլորը Նորին Սրբութիւնը նորածիններուն եւ անոնց մայրերուն նկատմամբ արտայայտեց իր հայրական գուրգուրանքը։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս այցելեց նաեւ Մարիամ Թունեանին, որ միջոց մը առաջ լոյս աշխարհ բերած էր քառորեակ մը։
Վեհափառ Հայրապետին անունով նորածիններուն եւ իրենց մայրերուն բաժնուեցան նուէրներ։
Նորին Սրբութեան հետ էին՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Տքթ. Կարէն Նազարեան։