ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեանի։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ազգի միասնականութեան զօրակցման գործին մէջ։ Ընդգծուեցաւ, որ անկախ զանազան պայմաններէն եւ կրօնական հայեացքներէն, աշխարհասփիւռ հայորդիներու հոգիին եւ գիտակցութեան մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս ընկալուած է իբրեւ երաշխաւոր ազգային ինքնութեան պահպանման եւ յարատեւման։

Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ նաեւ հոգեւոր զարթօնքի եւ Հայաստանի ու սփիւռքի հայ համայնքներէն ներս երիտասարդութեան հետ տարուող զանազան աշխատանքներու մասին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018